Եգիպտոսի հայկական միություն

xanut

Posted on | Март 22, 2012 | No Comments

[quickshop product="gfxgf"]

Պասքէթպոլի Տարեշրջանի Մեկնակէտը ՀՄԸՄ Նուպար (Աղեքս.)՝ 23 Յուլիսին

Posted on | Февраль 3, 2012 | No Comments


Աղեքսանդրիա (Արմաւենի) – Եգիպտահայ պասքէթպոլի նոր տարեշրջանը կը սկսի այս շաբաթ երբ Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ Նուպար կը հիւրընկալէ տարուան առաջին միջակումբային մրցաշարքը:
 «Ամէն ինչ կարգին է, ըստ սովորութեան,» կ’ըսէ ՀՄԸՄ Նուպար (Աղեքս.)ի Ատենապետ Բժ. Կարպիս Թօսունեան:

Ուրբաթ 23 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8-ին դաշտատէրերը պիտի հանդիպին Ս. Թերեզայի դէմ, իսկ ժամը 9:30ին ՀՄԸՄ Կամք պիտի հանդիպի անցեալ տարուան սոյն մրցաշարքի ախոյեանակիր ՀՄԸՄ Արարատի դէմ: Անցեալ տարուան մրցաշարքի առաջին օրը՝ հիւրընկալ ակումբը պարտութեան մատնեց Ս. Թերեզան 58-49 արդիւնքով, մինչ Արարատ յաղթեց Կամքի՝  68/36 արդիւնքով, ըստ ՀԲԸՄ Եգիպտոսի կայքէջին:

Շաբաթ Յուլիս 24ի երեկոյեան ժամը 8-ին,  Կամք-Արարատ մրցումի յաղթականը պիտի հանդիպի ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ)ի դէմ, որ անցեալ տարեշրջանին նուաճած էր իրերայաջորդ չորս մրցաշարքերու բաժակներ: Անցեալ տարուան մրցաշարքի կիսաւարտական մրցումին՝ Արարատ վերջին երկվայրկեանին պասքէթ մը արձանագրելով պարտութեան մատնած էր Գահիրէի ՀՄԸՄ Նուպարը 64-62 արդիւնքով:

Մրցաշարքի մուտքի սակը կ’արժէ օրը 5 Ե.Ո., իսկ Շաբաթ օրուան մրցումէն ետք մարզադաշտին վրայ ճաշկերոյթ տեղի պիտի ունենայ, կը տեղեկացնէ Թօսունեան: Սակագիներն են՝ 65 Ե.Ո. երէցներուն համար, 45 Ե.Ո. երիտասարդներուն եւ 25 Ե.Ո. 12 տարեկանէն վար փոքրիկներուն համար:

Աւարտական մրցումը պիտի կայանայ Կիրակի Յուլիս 25ի երեկոյեան ժամը 8-ին,  շաբաթ օրուան մրցումի եւ ՀՄԸՄ Նուպար (Աղեքս.) – Ս. Թերեզա մրցումի յաղթականներու միջեւ: Անցեալ տարուան աւարտական մրցումին Արարատ յաղթած էր դաշտատէրերուն 61-50 արդիւնքով:

Բացատրելով մրցումներու ժամանակացոյցի տրամաբանութիւնը, Թօսունեան կ’ըսէ, որ «ընդհանրապէս մրցաշարք կազմակերպող ակումբը մէկ մրցում կը խաղայ, որպէսզի առիթ ունենայ աւարտական մրցումին հասնի», աւելցնելով, որ  «եթէ մեր կազմակերպած մրցաշարքին աւարտական մրցումին չի հասնինք, թերեւս յաջորդ մրցաշարքներուն աւարտական մրցումին հասնիլը դժուար ըլլայ»: Բայց Թօսունեան կը մերժէ համարել Ս. Թերեզան իր խումբէն աւելի նուազ փորձառութեանց տիրող խումբ:

Մրցաշարքը կը կազմակերպուի Եգիպտոսի Հայոց Առաջնորդ Տէր Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեանի հովանաւորութեամբ եւ Գահիրէի Թեմական Ժողովի Ատենապետ Անդրանիկ Մեսրոպեանի նախագահութեամբ: «Բաժակը նուիրած են  տիկիններ Ալիս եւ ԳոհարՊօտուրեաններ եւ տիկին Միմիկ Վարձպետեան, իրենց զաւկին, ամուսնոյն եւ եղբօր յիշատակին», կը նշէ Թօսունեան:

Բժ. Կարպիս Թօսունեան, 54 տարու, Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ Նուպարի ատենապետն է 1994էն ի վեր:

Եգիպտահայ միջակումբային յաջորդ մրցաշարքը պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Կամք, Օգոստոս 6-8 ժամանակամիջոցին:

 

(Տեղեկատուութիւնը կատարեց Նորա Քէօհնէլեան-Գոլոյեանnora@armaveni.com, խմբագրեց՝ Մուրատ Յարութիւնեանmourad@armaveni.com)

 

ՀՄԸՄ Նուպար Աղեքս. - Ընդհանուր Տեղեկութիւններ
«ՀՄԸՄ Աղեքսանդրիա» հիմնադրուած է 1924ին խումբ մը անկախ ազգայիններու կողմէ: 1971ին, իր անուան աւելցուած է «Նուպար» անունը` ի յիշատակ Պօղոս Նուպար փաշայի, որ 1906ին հիմնադրած էր Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ): Ներկայ մարզադաշտը տրամադրած է ՀԲԸՄը 1960ին, ուր կը գործէ մինչ օրս հետեւեալ հասցէով` 19 Օմար Լութֆի, Քամբ Տը Շեզար, Աղեքսանդրիա:

 

ՀՄԸՄ Նուպար (Աղեքս.) Բաւական Լաւ Պատրաստուած է Մրցումներուն – Արթօ Թօսունեան

Posted on | Февраль 3, 2012 | No Comments

Աղեքսանդրիա (Արմաւենի) –  ՀՄԸՄ Նուպար (Աղեքս.)ի երէց տղոց խումբը «բաւական լաւ պատրաստուած է» իր հիւրընկալած եգիպտահայ պասքէթպոլի միջակումբային մրցաշարքի մրցակցութեանց, կ’ըսէ խումբին վարչական պատասխանատուն, Արթօ Թօսունեան:

«Ձմրան շրջանին խումբը շաբաթը երկու անգամ կը մարզուէր, իսկ ամառը՝ երեք անգամ», կ’ըսէ Թօսունեան:

Նուպար (Աղեքս.)  պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը Ուրբաթ 23 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8ին Ս. Թերեզայի դէմ: Յաղթողը անմիջապէս կը մասնակցի աւարտական մրցումին որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 25   Յուլիսին:

Անցեալ տարեշրջանին, Նուպար (Աղեքս.) ընդհանրապէս առաջին հանգրուաններէն դուրս մնացած է, եւ արձանագրած է մէկ յաղթանակ՝ Ս. Թերեզայի դէմ 58-49 արդիւնքով, իր հիւրընկալած մրցաշարքին, որուն աւարտական մրցումին հասնելով, պարտութիւն կրեց ՀՄԸՄ Արարատէն՝ 61-50 արդիւնքով:

ՀՄԸՄ Նուպար (Աղեքս.) պասքէթպոլի խումբը ունի 14 մարզիկ: Մարզիչն է Ամր Էլ Սայյատ, որ երկու տարիէ ի վեր յանձն ստանձնած է, կ’ըսէ Թօսունեան:

37-ամեայ Թօսունեան, 15 տարի պասքէթպոլի մարզիկ եղած է մինչեւ 33 տարեկան հասակը, երբ ստիպուած էր դաշտէն հեռանալ ծունկի վնասուածութեան բերումով, եւ ապա ստանձնած՝ խումբի վարչականի պատասխանատուութիւնը:

ՀՄԸՄ Նուպար (Աղեքս.) վերջին անգամ եգիպտահայ միջակումբային մրցաշարքի բաժակին տիրացաւ Յուլիս 2000ին, իր իսկ կազմակերպած մրցաշարքին, կը վերյիշէ Թօսունեան:

 

 

(Տեղեկատուութիւնը կատարեց Նորա Քէօհնէլեան-Գոլոյեանnora@armaveni.com, խմբագրեց՝ Մուրատ Յարութիւնեանmourad@armaveni.com)

 

(Լուսանկարը՝ www.agbuegypt.comէն)

ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ) Գլխաւոր Թեկնածուն է — Յակոբ Գարակէօզեան

Posted on | Февраль 3, 2012 | No Comments

Գահիրէ (Արմաւենի) – Եգիպտահայ պասքէթպոլի տարեշրջանի սեմին, անցեալ տարուան քառակի ախոյեան խումբի վարիչը կը սպասէ որ իր խումբը տիրանայ այս տարուան անդրանիկ մրցաշարքի բաժակին: 

«Մեր խումբը ունի առաւելութիւններ միւս խումբերը չունին,» կ’ըսէ Յակոբ Գարակէօզեան, ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ)ի երէց տղոց պասքէթպոլի վարչական պատասխանատուն: «Քսան մարզիկ ունինք, առաւել՝ մեր խումբի 90 առ հարիւրը 20էն 25 տարեկան են»:

Գարակէօզեանի համաձայն, թէ՛ մարզիկներուն թիւը եւ թէ՛ տարիքը մեծ տարբերութիւն կը ներկայացնէ: «Երբ թիւով շատ մարզիկ ունենաս, դաշտին մէջ աւելի մեծ առիթ կ’ունենաս փոխարինելու, իսկ տարիքի նկատմամբ, որքան որ երիտասարդ ըլլան, այնքան մեզի կը դնեն յաղթանակի ճանապարհին վրայ»:

Խումբը այս տարի 20 մարզիկ ունի,  կրտսեր տղոց (18 տարեկանէն վար) խումբէն 5 մարզիկ  բարձրացնելէ ետք: «Բոլորն ալ մրցաշարքներուն պիտի ներկայանան, բայց անոնք պիտի մասնակցին միայն դիւրին մրցումներուն», կ’ըսէ Գարակէօզեան:

ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ) պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը Շաբաթ 24 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8ին, հանդիպելով նախորդ օրուան կատարուած ՀՄԸՄ Արարատ ընդդէմ ՀՄԸՄ Կամք մրցումի յաղթողին դէմ:  

Չորս տարիէ ի վեր Խումբի մարզիչը եղած է Ամր Աշուր, որ նախանցեալ շրջաններուն գրեթէ հինգ տարի ալ մարզած, թողած ու ետ վերադարձած է խումբը ստանձնելու: Գարակէօզեան վստահութիւն կը յայտնէ որ Աշուր նորութիւն պիտի մատուցէ այս տարեշրջանին եւս: «Եթէ մարզիչ մը ամէն տարի նորութիւն՝ նոր թէքնիքներ չունենայ տալիք խումբին, անպայման զինք կը փոխարինենք ուրիշ մարզիչով»:

Ամրան շրջանին խումբը կը մարզուի շաբաթը 3 անգամ, իսկ ձմեռը՝ մէկ անգամ:

ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ) 2009 տարեշրջանին ձեռք ձգած էր վերջին չորս մրցաշարքերու բաժակները, զիջելով միայն առաջին մրցաշարքի բաժակը՝ ՀՄԸՄ Արարատին:

Գարակէօզեան կը նկատէ ՀՄԸՄ Արարատը որպէս գլխաւոր մրցակից, տրուած ըլլալով, որ անցեալ տարուան կայացած մրցումներուն արդիւնքները միշտ փոքր տարբերութեամբ կ’աւարտէին:

44-ամեայ Յակոբ Գարակէօզեան երեք տարիէ ի վեր յանձն առած է Գահիրէի ՀՄԸՄ Նուպարի պասքէթպոլի երէց տղոց խումբի վարչականի պատասխանատուութիւնը:  25 տարի խաղալէ ետք, մարզադաշտին հրաժեշտ տուած էր 2007ին:

 

(Տեղեկատուութիւնը կատարեց Նորա Քէօհնէլեան-Գոլոյեանnora@armaveni.com, խմբագրեց՝ Մուրատ Յարութիւնեանmourad@armaveni.com)

ՀՄԸՄ Արարատ Լաւատես Է — Արա Քէօհնէլեան

Posted on | Февраль 3, 2012 | No Comments

Գահիրէ (Արմաւենի) –  ՀՄԸՄ Արարատ լաւատեսութեամբ կ’ուղեւորուի դէպի Աղեքսանդրիա մասնակցելու համար եգիպտահայ պասքէթպոլի նոր տարեշրջանի առաջին մրցաշարքին: 

«Լաւատեսութեամբ կը մասնակցինք նամանաւա’նդ ՀՄԸՄ Նուպար Աղեքս.ի (կազմակերպած) մրցաշարքերուն, ուր ընդհանրապէս լաւ արդիւնքներ կ’իրականացնենք,» կ’ըսէ ՀՄԸՄ Արարատի վարչական պատասխանատու Արա Քէօհնէլեան:

Անցեալ տարուան ՀՄԸՄ Նուպար (Աղեքս.)ի կազմակերպած մրցաշարքին, ՀՄԸՄ Արարատ բաժակը նուաճեց յաջորդաբար պարտութեան մատնելով նախ ՀՄԸՄ Կամք, ապա ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ)՝ կիսաւարտականին եւ վերջապէս ՀՄԸՄ Նուպար (Աղեքս.)՝ աւարտական մրցումին:

Այս տարուան մրցաշարքին ալ Արարատ կը սպասուի որ նոյն ուղիին հետեւի, երբ հանդիպի ՀՄԸՄ Կամքին՝ Ուրբաթ 23 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 9:30ին: Յաղթանակի պարագային, Արարատ պիտի մրցակցի ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ)ի դէմ Շաբաթ 24 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8ին:

2009 տարեշրջանին, ՀՄԸՄ Արարատ բաժակը նուաճած է մէկ անգամ ու երկրորդ հանդիսացած է երկու անգամ:

Իր խումբի պատրաստութիւնները մանրամասնելով, Քէօհնէլեան կը տեղեկացնէ, որ ՀՄԸՄ Արարատ այս տարեշրջանին երկու կրտսեր մարզիկ բարձրացուցած է երէց տղոց խումբ:

Խումբը կը բաղկանայ 18 մարզիկներէ՝ 15էն 38 տարեկան: «Այս տարի նոր մարզիչ՝ Թարէք Շուքրի եւ փոխ մարզիչ ունինք՝  Ալի Ապտէլ Ազիզ», կ’ըսէ Քէօհնէլեան: Խումբին մարզուելու շրջանը սկսաւ Մարտին ՝ շաբաթը 3 անգամ:

Քէօհնէլեան կը համարէ 2009ի քառակի ախոյեան ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ)ն որպէս Արարատի գլխաւոր մրցակիցը նոր տարեշրջանին: ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ)ի տուեալները «բաւական կ’օգնեն որ լաւագոյն խումբը նկատուի քանի մը շրջաններ շարունակ,» կ’ըսէ ան, նշելով «մարզիկներու թիւը, տարիքը եւ փորձառութիւնը»:

Անցեալ շաբաթ, նախապատրաստութիւններու ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Արարատ իր դաշտին վրայ պարտութեան մատնեց Ս. Թերեզան 79-40 արդիւնքով՝ Ուրբաթ 15 Յուլիսին, ապա պարտութիւն կրեց ՀՄԸՄ Պէյրութէն 82-78 արդիւնքով՝ Կիրակի 17 Յուլիսին:  «Լաւ փորձ մըն էին այդ մրցումները թէ՛ մարզիկներուն եւ թէ՛ մարզիչին, քանի որ իր առաջին մրցումն էր մեր խումբին հետ»: 

Քէօհնէլեան փափաք կը յայտնէ, թէ ինչ որ ալ ըլլան բոլոր մրցաշարքերուն պարագաները, տիրող մթնոլորտը «թող ըլլայ անցեալ տարեշրջանին նման բարեկամական եւ սիրով, ըլլա’յ այդ մարզադաշտէն ներս կամ դուրս»:

Արա Քէօհնէլեան, 40 տարեկան, ՀՄԸՄ Արարատի մարզիկ եղած է 12էն 22 տարեկան: ՀՄԸՄ Արարատի երէց տղոց պասքէթպոլի խումբի վարչականի պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Փետրուար 2009էն:   

 

(Տեղեկատուութիւնը կատարեց Նորա Քէօհնէլեան-Գոլոյեանnora@armaveni.com, խմբագրեց՝ Մուրատ Յարութիւնեանmourad@armaveni.com)

ՀՄԸՄ Կամքի Խումբը «Երիտասարդ Է» — Արմէն Լէյլէկեան

Posted on | Февраль 3, 2012 | No Comments

 Աղեքսանդրիա (Արմաւենի) –  ՀՄԸՄ Կամք կը սկսի եգիպտահայ պասքէթպոլի տարեշրջանը առանց խոստանալով վերականգնել 1990-ական թուականներու իր ապրած փառքի օրերը:

«Նոր մարզիկ չունինք այս տարի,» կ’ըսէ խումբին վարչական պատասխանատուն՝ Արմէն Լէյլէկեան, «բոլորն արդէն երիտասարդ կը համարուին, բացի Զաւէնէն»:  Արմէնին կրտսեր եղբայրը՝ 35-ամեայ Զաւէն Լէյլէկեան լման տարի մը կռնակի յատուկ մարզանքներու հետեւելէ ետք, այս տարի ետ կը վերադառնայ պասքէթպոլի մարզադաշտ:

Խումբէն կը բացակայի Հրաչ Միսքճեան՝ որ գործի բերմամբ երկրէն դուրս կը գտնուի, կը տեղեկացնէ Լէյլէկեան:

ՀՄԸՄ Կամք այս տարի ունի 12 մարզիկ, որոնց կը մարզէ Քաբթէն Թարէք:

Լէյլէկեան կը յիշատակէ նաեւ որ ձմրան շրջանին, կլիմայի անկայունութեան եւ անձրեւի պատճառաւ, խումբը 1էն 2 անգամ կը մարզուէր շաբաթը, իսկ այս վերջին երկու ամիսներու ընթացքին, շաբաթը 4 անգամ կը մարզուէին:

ՀՄԸՄ Կամք իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Ուրբաթ 23 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 9:30ին ՀՄԸՄ Արարատի դէմ: Սոյն մրցումի յաղթականը յաջորդ օրը պիտի հանդիպի 2009ի քառակի ախոյեան ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ)ի դէմ:

 

Իր պատրաստութեանց ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Կամք Շաբաթ 16Յուլիսին, Գահիրէի մէջ պարտութիւն կրեց ՀՄԸՄ Պէյրութէն85-52 արդիւնքով:

 

2009 տարեշրջանին, Կամք հասաւ աւարտական մրցումին երկու անգամ՝ Օգոստոսին իր կազմակերպած մրցաշարքին, ուր ծանր պարտութիւն կրեց ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ)էն՝ 117-52 արդիւնքով եւ Նոյեմբերին տեղի ունեցած Ս. Թերեզայի մրցաշարքին, ուր պարտուեցաւ նմանապէս Նուպար (Գահիրէ)էն՝ 86-39 արդիւնքով:

ՀՄԸՄ Կամք վերջին անգամ եգիպտահայ միջակումբային մրցաշարքի բաժակ նուաճած էր 2004ին, երբ տիրացաւ նախ ՀՄԸՄ Նուպար (Աղեքս.)ի եւ ապա իր կազմակերպած մրցաշարքի բաժակներուն:

Արմէն Լէյլէկեան, 42 տարեկան, խումբին վարչական պատասխանատուութիւնը ստանձնած է տարիէ մը ի վեր, Յովսէփ Թօփալեանի հետ միատեղ: Ան 28 տարի փորձառութենէ ետք, դաշտին հրաժեշտ տուած էր 2007ին:

 

(Տեղեկատուութիւնը կատարեց Նորա Քէօհնէլեան-Գոլոյեանnora@armaveni.com, խմբագրեց՝ Մուրատ Յարութիւնեանmourad@armaveni.com)

Ս. Թերեզայէն Կը Բացակային Երեք Մարզիկ

Posted on | Февраль 3, 2012 | No Comments

Գահիրէ (Արմաւենի) – Ս. Թերեզա կը թուի որ պիտի շարունակէ իր համեստ մասնակցութիւնը բերել եւս այս տարուան պասքէթպոլի միջակումբային մրցաշարքներուն:

Ս. Թերեզա պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը Ուրբաթ 23 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8ին դաշտատէր ՀՄԸՄ Նուպար (Աղեքս.)ի դէմ: Յաղթականը անմիջապէս պիտի մասնակցի Կիրակի օրուան աւարտական մրցումին:

«Ո՛չ մարզադաշտէն հրաժարող ո՛չ ալ շարքերը անցնող մարզիկներ ունինք այս տարեշրջանին», կ’ըսէ Ս. Թերեզայի երէց տղոց պասքէթպոլի խումբի վարչական պատասխանատու Գրիգոր Միքայէլեան, որ խումբին մարզիչը եղած էր մօտ մէկ ու կէս տարի մինչեւ անցեալ տարեշրջանի աւարտը: Այս տարուընէ խումբը կը մարզէ Ֆաթհի Քամէլ:

Անցեալ տարեշրջանին, Ս. Թերեզա դուրս կը մնար առաջին իսկ մրցումէն, նոյնիսկ իր հիւրընկալած մրցաշարքին՝ անցեալ Նոյեմբերին, երբ պարտութեան մատնուեցաւ ՀՄԸՄ Կամքէն 61-54 արդիւնքով:

Ս. Թերեզան այս տարի ունի 14 մարզիկ, որոնք ձմրան շրջանին շաբաթը 2 անգամ կը մարզուէին, իսկ ամառը՝ երեք: Մարզիկներուն տարիքը 16էն 40 է: «Այս մրցաշարքէն կը բացակային 3 մարզիկներ, ուսումի եւ գործով զբաղածութեան պատճառաւ», կը տեղեկացնէ Միքայէլեան:

51-ամեայ Միքայէլեան 1973էն մաս կազմած է Ս. Թերեզայի խումբին, իսկ հանգստեան կոչուած 2006ին: Ան 80-ական թուականներուն երկու տարի միացած է ՀՄԸՄ Արարատի երէց տղոց պասքէթպոլի խումբին: «Յիշեմ նաեւ որ, պատանի հասակէս, Արարատի մինի-պասքէթի խումբէն խաղցած եմ»:

Ս. Թերեզա վերջին անգամ բաժակ տիրացած էր 1970-ականներուն, իսկ աւարտական մրցումին հասած՝ 2007ին իր իսկ կազմակեպած մրցաշարքին, կը վերյիշէ Միքայէլեան:

 

(Տեղեկատուութիւնը կատարեց Նորա Քէօհնէլեան-Գոլոյեանnora@armaveni.com, խմբագրեց՝ Մուրատ Յարութիւնեանmourad@armaveni.com)

ՀՄԸՄ Պէյրութ Երկու Բաժակ Կրելով Կը Վերադառնայ Լիբանան

Posted on | Февраль 3, 2012 | No Comments

Գահիրէ (Արմաւենի)  — ՀՄԸՄ Արարատի կազմակերպած եռօրեայ պասքէթպոլի բարեկամական մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան 16էն 18 Յուլիսին, ՀՄԸՄ Պէյրութ տիրացաւ երկու բաժակներու՝ մինչդեռ դաշտատէր ակումբը բաւարարուեցաւ մէկ բաժակով:

Լիբանանեան խումբը իր բաժակներուն տիրացաւ պարտութեան մատնելէ ետք ՀՄԸՄ Կամքը 85-52 արդիւնքով՝ Շաբաթ 16 Յուլիսին եւ ՀՄԸՄ Արարատը 82-78 արդիւնքով՝ Կիրակի 17 Յուլիսին:  Իսկ հիւրընկալ Արարատ իր միակ բաժակը նուաճեց յաղթելէ ետք Ս. Թերեզային 79-40 արդիւնքով՝ Ուրբաթ 16 Յուլիսին:

Նոյն օրը՝ Ուրբաթ, ՀՄԸՄ Արարատի 14 տարեկանէն վար կրտսեր տղոց խումբը 79-18 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Բեդրօսբոր խումբին դէմ կատարած մրցումէն ու տիրացաւ Տէր եւ Տիկին Յակոբ Աւետանեաններուն նուիրած բաժակին:

Իսկ 12 տարեկանէն վար մինի-պասքէթի տղոց խումբը Դրօ Կէվրէկեանի նուիրած բաժակին տիրացաւ Մատինէթ Նասր խումբը, 25-15 արդիւնքով դուրս գալով, Կիրակի օր:

«Ճիգ չի խնայեցինք այս ձեռնարկի յաջողութեան,» կ’ըսէ ՀՄԸՄ Արարատի Ատենապետ Կարօ Թումայեանց, «եւ ես անձնապէս գոհ եմ արդիւնքէն»:

Ձեռնարկի երեք օրերու ընթացքին Հելիոպոլիս արուարձանը գտնուող ակումբը մուտք գործած է մօտաւորապէս 380 հոգի, տեղեկացուցած է Ճորճ Թորոսեան, ՀՄԸՄ Արարատի վարչութեան անդամ:

Շաբաթ գիշեր ընդունելութիւն-խրախճանք տեղի ունեցաւ Լ. եւ Ս. Գարագաշեան Սրահին մէջ, որուն ներկայ էր Պէյրութէն հրաւիրուած ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Միհրան Շիմշիրեան, ինչպէս նաեւ Սուտանի Հայոց Հոգեւոր Հովիւ Գաբրիէլ Աբեղայ Սարգիսեան, Գահիրէի Թեմական Ժողովի Ատենապետ Անդրանիկ Մեսրոպեան, Կոկանեան Սրահի Ատենապետ Նուպար Սիմոնեան եւ Աղեսանդրիոյ Թեմական Ժողովի նախկին ատենապետ Լեւոն Գաղթացեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Բժ. Սուրէն Պայրամեան, որ նշեց ՀՄԸՄի կատարած  դերը Սփիւռքի տարածքով: Ան նաեւ յիշեց ՀՄԸՄ Արարատի երկարամեայ անդամ ու ատենապետ Երուանդ Թումայեանց ու Վարուժան Գազանճեան, որոնց մահուան յիշատակները կը զուգադիպէր Յուլիս ամսուան ընթացքին: Երեկոն շարունակուեցաւ ընթրիքով, ազգային-յեղափոխական երգերու ունկնդրութեամբ:

«Իսկապէս շատ գոհ եմ Շաբաթ գիշերուան խանդավառ մթնոլորտէն որ ստեղծուեցաւ մարզիկներուն ու բոլոր ներկաներուն միջեւ, երբ հնջեց յեղափոխական երգերը ու բոլորը միաբերան երգեցին», կ’ըսէ Թումայեանց:

Շաբաթ օրը նախատեսուած աղջկանց մրցում՝ ՀՄԸՄ Արարատի եւ տեղական խումբի մը միջեւ տեղի չունեցաւ, «թիւրիմացութեան մը պատճառաւ,» կը յիշատակէ Արարատի ատենապետը:

Եռօրեայ այս մարզական խաղերուն, յաճախ ու երբեմնի կերպով ներկայ կը գտնուէին, ձեռնարկը  հովանաւորող Եգիպտոսի Հայոց Առաջնորդ Տէր Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Տէր Գրիգոր Օգոստինոս Եպիսկոպոս Գուսան, Գահիրէի Թեմական Ժողովի Ատենապետ Անդրանիկ Մեսրոպեան, Գահիրէի Քաղաքական Ժողովի Ատենապետ Բժ. Գէորգ Երզնկացեան, միջոցառման նախագահ՝ Ֆրետի Գարակէօզեան, ՀԲԸՄ Գահիրէի Ատենապետ Բժ. Վիգէն Ճիզմէճեան, ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ)ի Ատենապետ Բժ. Կարօ Աբգարեան, ՀՄԸՄ Կամքի Փոխ- Ատենապետ Պերճ Միսքճեան եւ Ս. Թերեզայի Ատենապետ Ժորժ Սարգիս:

 

 

ԱՐԱՐԱՏԻ, ԿԱՄՔԻ ՄԱԿԱՐԴԱԿԸ

 

ՀՄԸՄ Պէյրութի երէց տղող պասքէթպոլի խումբը երկրորդ անգամն էր որ կը հանդիպէր ՀՄԸՄ Կամքի դէմ: Առաջին անգամ անցեալ տարի էր, Երեւան կայացած համա-ՀՄԸՄական խաղերու ծիրին մէջ:

 

«Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս դիւրին յաղթանակ մըն էր մեզի համար,» կ’ըսէ  ՀՄԸՄ Պէյրութի մարզիչ Հրայր Տիշչէքէնեան, «Կամքի դէմ աւելի մեծ տարբերութեամբ ալ կարելի էր որ յաղթէինք, սակայն սա մեր հասած օրուան առաջին կայանալիք մրցումն էր, ուրեմն քիչ մը յոգնած էինք»:

 

Գնահատելով ՀՄԸՄ Պէյրութի կատարած  երկու մրցումներու մակարդակը, Տիշչէքէնեան կ’ըսէ, որ «Կամքը փորձի եւ փորձառութեան կարիքը ունի, իսկ Արարատը բաւական լաւ է»: Տիշչէքէնեան դիտել տուաւ նաեւ որ մրցավարներու մակարդակը «ահռելի գէշ էր, բայց վստահաբար դիտումնաւոր չէր եւ այդ պատճառաւ էր որ (Արարատի) մրցումը քիչ մը պրկուած վիճակ ստացաւ առաջին վայրկեանէն մինջեւ վերջին վայրկեանը»:

 

 

ՀՄԸՄ Պէյրութի երէց տղոց պասքէթպոլի խումբը 15 մարզիկներէ կը բաղկանայ, բայց միայն 10 մարզիկ կրցան Եգիպտոս գալ, կը նշէ Տիշչէքէնեան: «Երեք տեղացի մարզիկ ունինք, չփափաքեցանք որ անոնք միանան խումբին որպէսզի մեր հայ մարզիկներուն աւելի առիթը տանք խաղալու ու փորձառութիւն ստանալու, իսկ միւս երկու հայ մարզիկները գործի եւ ուսումի պատճառաւ չկրցան միանալ մեզի»:

 

 

ՀՄԸՄ Պէյրութի խումբը Լիբանանի Ֆէտէրասիոնի կազմակերպած բոլոր ախոյեանութիւններուն կը մասնակցի, իսկ ուրիշ մրցաշարքերու նկատմամբ, Համա-ՀՄԸՄական խաղերէն անդին, ասիկա առաջին մրցաշարքն էր որուն մասնակցեցանք այս ամառ»:

 

 

35-ամեայ Հրայր Տիշչէքէնեան մարզանքի ուսուցիչ է: Ան նաեւ մարզիչ է թէ արաբական տեղական խումբերու ինչպէս Մունսիֆ եւ Սիտա Սայտա (1999էն ի վեր) եւ թէ ՀՄԸՄ Պէյրութի խումբին՝ 2006էն ասդին: Ան ՀՄԸՄի մէջ կը մարզէ նաեւ քանի մը խումբեր, ինչպէս Ճիւնիի մասնաճիւղի 4րդ դասակարգի խումբը եւ ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄի հաւաքական խումբը:

 

 

Տիշչէքէնեան պասքէթպոլի մարզիկ եղած է 1991էն, սակայն 2000 թուականէն վիրաւորանքի պատճառաւ դաշտէն հեռացած է: Տիշչէքէնեան ծնած է Պէյրութ, աւարտած Lebanese American University (LAU) համալսարանի Business Administration կաճառը: Ամուսնացած է, ունի մէկ դուստր:

 

 

 

ՀԻՒՐԵՐՈՒ ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆ

 

«Եռօրեայ այս մարզական ձեռնարկը շատ լաւ կազմակերպուած էր», ըսած է ՀՄԸՄ Պէյրութի երէց տղոց պասքէթպոլի խումբի վարչական պատասխանատու Վահան Համամճեան:

 

Համամճեան ըսած է, որ խումբի կազմէն 60 առ հարիւրը մասնակցած էին անցեալ տարի Հայաստան կայացած Համա-ՀՄԸՄական խաղերուն իբր կրտսեր խումբ, իսկ «այս տարի արդէն 10էն 6 մարզիկ երկրորդական երէց խումբին մաս կը կազմեն»:

 

 

Լիբանանի պատուիրակութեան համար կազմակերպուած էր պտոյտներ ու այցելութիւններ Գահիրէի տարածքով: Խումբը այցելեց Եգիպտական Թանգարանը, Խան Խալիլի, Կիզէի Բուրգերը, Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարան, Մար Մինայի Հայոց գերեզմանատունը եւ Սիթի Սթարզ մոլը:

 

 

46-ամեայ Համամճեան խումբին վարչական պատասխանատուութիւնը ստանձնած է երկու տարի է ի վեր: Ան նաեւ ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութեան անդամ է չորս տարիէ ի վեր: Ծնած է Պէյրութ, աւարտած Լիբանանի համալսարանը, կենսաբանութեան Մագիստրոսի աստիճանով: Ամուսնացած է, ունի մէկ դուստր: Այժմ կը զբաղի ոսկերչութեամբ:

 

 

 

(Տեղեկատուութիւնը կատարեց Նորա Քէօհնէլեան-Գոլոյեանnora@armaveni.com, խմբագրեց՝ Մուրատ Յարութիւնեանmourad@armaveni.com)

 

(Լուսանկար՝ Օհան Ճանիկեան)

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀՄԸՄ Արարատ Կը Կազմակերպէ Պասքէթպոլի Բարեկամական Մրցումներ

Posted on | Февраль 3, 2012 | No Comments

Գահիրէ (Արմաւենի) – ՀՄԸՄ Արարատ այս շաբաթավերջին կը կազմակերպէ պասքէթպոլի եռօրեայ բարեկամական մրցումներ, մասնակցութեամբ չորս երէց տղոց խումբերու:

Մրցումներուն պիտի մասնակցին Եգիպտոս հրաւիրուած ՀՄԸՄ Պէյրութի, Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ Կամքի, Գահիրէի Ս. Թերեզայի եւ ՀՄԸՄ Արարատի երէց տղոց խումբերը, կը տեղեկացնէ ՀՄԸՄ Արարատի Ատենապետ Կարօ Թումայեանց:

«Յուլիս ամիսը կը զուգադիպի Արարատի երկու երէց վաստակաւոր գործիչներու մահուան յիշատակները,» կ’ըսէ Թումայեանց «եւ ճի’շդ այդ պատճառով է, որ որոշեցինք այս ամիս կազմակերպել այս մրցումները»:

Բարեկամական այս մրցումները տեղի կ’ունենան մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ նախքան եգիպտահայ միջ-ակումբային մրցաշարքերու մեկնարկումին: «Սա լաւ առիթ մըն է որ մեր խումբի մարզիկները հունի մէջ դնենք, որպէսզի աւելի պատրաստուած ու աշխոյժ կերպով մասնակցին Աղեքսանդրիոյ մէջ կայանալիք մրցաշարքին»,  կը հաստատէ Թումայեանց: Արարատ 2009 տարեշրջանին նուաճած էր մէկ միջ-ակումբային մրցաշարքի բաժակ:  

Ուրբաթ 16 Յուլիսի գիշերուան ժամը 9.30ին տեղի պիտի ունենայ Արարատ ընդդէմ Ս. Թերեզայի մրցում, որուն բաժակը նուիրած են Տէր եւ Տիկին Կարօ Թումայեանց, «Արարատի վարչութեան մէջ երկար տարիներ գործող Երուանդ Թումայեանցի յիշատակին», կը տեղեկացնէ ատենապետը:

Շաբաթ 17 Յուլիսին նոյնպէս գիշերուան ժամը 9.30ին տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Կամք ընդդէմ ՀՄԸՄ Պէյրութի մրցում: Բաժակը նուիրած են Տէր եւ Տիկին Տիգրան Գալայճեան:

Իսկ Կիրակի 18 Յուլիսին մրցումը, դարձեալ ժամը 9.30ին, պիտի կայանայ ՀՄԸՄ Արարատի եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի միջեւ: Բաժակը նուիրած են Վարդան եւ Հերի Գազանճեան եղբայրք, «ՀՄԸՄ Արարատի երկար տարիներու վաստակաւոր ատենապետ Վարուժան Գազանճեանի յիշատակին», կը յիշատակէ Թումայեանց:

Երէց մրցումներուն առընթեր, ՀՄԸՄ Արարատի 12էն վար եւ 14էն վար կրտսեր տղոց խումբերը, ինչպէս նաեւ աղջկանց խումբը եւս պիտի մրցակցին տեղական խումբերու դէմ, Ուրբաթ 16, Շաբաթ 17 եւ Կիրակի 18 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 8ին, կը տեղեկացնէ Թումայեանց:

Շաբաթ գիշեր մասնակցող խումբերուն ի պատիւ, ընդունելութիւն մը տեղի պիտի ունենայ: Իսկ Ուրբաթէ Կիրակի տեւող մրցումներու ընթացքին պիտի սպասարկուին թեթեւ ճաշեր, հաճելի երաժշտութեան ունկնդրութեամբ, կը նշէ Թումայեանց, որ ատենապետի պաշտօնը ստանձնած է 2007էն ի վեր:

Եռօրեայ այս ձեռնարկը կը կայանայ հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի Հայոց Առաջնորդ Տէր Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Ֆրետի Գարակէօզեանի:

 

 

(Տեղեկատուութիւնը կատարեց Նորա Քէօհնէլեան-Գոլոյեանnora@armaveni.com, խմբագրեց՝ Մուրատ Յարութիւնեանmourad@armaveni.com)

ՀՄԸՄ Արարատ Կը Դիմաւորէ Աշխարհի Բաժակը՝ «Ամրան Եղանակի Բացումով»

Posted on | Февраль 3, 2012 | No Comments

Գահիրէ (Արմաւենի) – Այս տարի ոտնագնդակի Աշխարհի Բաժակի մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ Հարավային Ափրիկէի մէջ, անհամբեր կը սպասեն շատ երկրպագուներ, ներառեալ ՀՄԸՄ Արարատի մարզիկներն ու անդամները, կ’ըսէ ակումբի ատենապետը, Կարօ Թումայեանց:

Մրցումները կը սկսին Ուրբաթ Յունիս 11-ին: «Խաղերու բացման օրուան առիթը շատ յարմար տեսնելով, նոյն օրը միատեղեցինք նաև ամառնային եղանակի բացումը», կ’ըսէ  Թումայեանց:

Ամառնային եղանակի բացումը պիտի կազմակերպուի ակումբի մարզադաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ:

Բացի ճաշի սպասարկութենէն՝ նախատեսուած է նաև մեծ պաստառի վրայ  ցուցադրել ոտնագնդակի Աշխարհի Բաժակի ախոյեանութեան բացման արարողութիւնը:

«Բացման մասնակցողները կրնան նաև տեսակ-տեսակ սանտուիչներ և զովացուցիչ ալ ապսպրել, որ բոլորն ալ ակումբային գիներով են», կ’ըսէ Թումայեանց:

1 2 3 4 5 6 »
keep looking »